2010-10-30 11:38:44

Վատիկանի Պատգամը Ինտու Հաւատացեալներուն` Փոխադարձ Յարգանքի, Վստահութեան Ու Աճող Համագործակցութեան Ի Խնդիր։


Միջկրօնական քահանայապետական խորհուրդի նախագահը կարտինալ Ժան Լուի Թորան, պատգամ մը ուղղեց ինտու հաւատացեալներուն Տիվալի` լուսաւորութեան տօնին առթիւ, որ կը զուգադիպի նոյեմբեր 5-ին։

Իր պատգամին մէջ, կարտինալը կը հրաւիրէ քրիստոնեաները եւ ինտուները յարատեւելու փոխադարձ յարգանքի ու վստահութեան մէջ։ Քրիստոնեաները եւ ինտուները, կը գրէ ծիրանաւորը, պէտք է հետապնդեն լաւագոյն միջոցը ամրապնդելու իրենց բարեկամութիւնը եւ համագործակցութիւնը ։

Կարտինալ Թորանի գնահատումով՝ փոխադարձ յարգանքը անկիւնաքարն է խաղաղ ու ներդաշնակ համակեցութեան։ Նոյնպէս մարդու արժանաւորութիւնը կ'ենթադրէ անփոխառինելի իրաւունքը ամէն անհատի պաշտպանուելու ամէն տեսակ բռնութենէն, արհամարանքէն ու անտարբերութենէն։ Նշենք թէ Տիվալի տօնը, 3 օր կը տօնուի, ամենէն հին եւ կարեւորագոյնը՝ ինտուներու աւանդութեան մէջ։ Այդ տօնով կը վերակոչուի բարիին յաղթանակը չարի վրայ, կեանքը մահուան վրայ, լոյսը խաւարի վրայ եւ ճշմարտութիւնը սուտի վրայ։ Այս ամէնը կը խորհրդանշուի բնակարաններու լուսաւորութիւններով, փարատելու համար գիշերուայ ամէն տեսակի խաւարները։








All the contents on this site are copyrighted ©.